2015-12-23 09:48:00

Արհ. Մարուն Լահամի Յիսուսի ս. Ծննդեան պատգամը` ''Միջին Արեւելքը կարիքը ունի խաղաղութեան''։


(Ռատիօ Վատիկան) ''Աղօթքս է որ Միջին Արեւելքի արիւնալի ընդհարումները վերջ գտնեն որովհետեւ այսօր աւելի քան երբեք կարիքը կայ խաղաղութեան'' գրած է արհիապատիւ Մարուն Լահամ` առաջնորդը Ամմանի թեմին եւ Երուսաղէմի լատին պատրիարքութեան Յորդանանի համար տեղապահ, մեր Տիրոջ Յիսուս Քրիստոսի ս. Ծննդեան առթիւ հրատարակած պատգամին մէջ։

Առաջնորդը մաղթանք յայտնած է որ Միջին Արեւելքի բոլոր ժողովուրդները վերահաստատեն համակեցութիւնը քաջալերեն եղբայրակցութիւնն ու սէրը որպէսզի ամէնքը կարողանան ապրիլ որպէս միացեալ ընտանիք մը։

Գերապայծառ Լահամ Ծննդեան պատգամին մէջ կը գրէ ''Ողորմութեան Յոբելեանը հոմանիշ է եղբայրական սիրոյ և ատկէ պէտք ենք սորվիլ մեր ուշադրութիւնը  կեդրոնացնել  կարօտեալ եւ ընչազուրկ եղբայրներու ու քոյրերու վրայ։ Այդ ուղղութեամբ Գերապայծառ Լահամ կը մատնանշէ որ  21 Դեկտեմբերին Ամմանի մէջ  բացուեցաւ ողորմութեան ճաշարանը ուր  թեմը ճաշ կը բաշխէ 500 հոգիներու։

Գերապայծառ Լահամ բացայայտելով ս. Ծնունդի նշանակութիւնը գրեց ''Մանուկ Յիսուսը աշխարհ եկաւ աշխարհին տալու ուրախութիւն ու փրկութիւն` փարատելու վախը, երաշխաւորելու որ բարին յաղթահարէ չարին վրայ։ Լոյսը աւելի զօրեղ է խաւարէն, շնորհքը աւելի հզօր է մեղքէն ու սէրը աւելի մեծ է ատելութիւնէն։

Ամմանի առաջնորդը հրաւիրեց ապա  հաւատացեալները լռութեամբ խորհրդածելու այս մեծ խորհուրդին վրայ, աղօթելով ու մտաբերելով թէ Մարդացեալ Բանը սիրեց մեզ յատուկ սիրով։








All the contents on this site are copyrighted ©.